2014-04-05 08:55:28

Հռոմի մէջ Աղօթք` Սուրիոյ խաղաղութեան եւ Քեսապահայութեան ի նպաստ։


Կիրակի, 6 ապրիլի երեկոյեան, ժամը 18.30-ին, Սուրբ Նիկողաիոս Թոլենթինոյի Եկեղեցւոյ մէջ, Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայածառ Մաթթէօ Ծուփփի կը գեխաւորէ հայածէս Երեկոյեան Ժամերգութեան արարողութիւնը նուիրուած` Սուրիոյ խաղաղութեան եւ գաղթականներուն հայրենի օճախները վերադարձի դիտաւորութեան։
''Անհրաժեշտ նկատեցինք միատեղ հաւաքուիլ աղօթելու համար Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս, վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը `մերը ընելու այդ արիւնալի երկրի զոհերուն ''տիւ եւ գիշեր'' երկինք բարձրացուցած աղերսը'' յայտարարեց գերապայծառ Ծուփփի։
Աղօթքի երեկոն կազմակերպուած է Հռոմի Եկեղեցիներու մէջեւ միսիոնարական համագործակցութեան կեդրոնի, Հռոմի թեմի գաղթականներու հովութեան գրասենեակի եւ Հռոմի հայ կաթողիկէ համայնքի նախաձեռնութեամբ։
''Արարողութեան ընթացքին աղօթքներ պիտի մատուցին Սուրիոյ խախաղութեան, ժողովուրդներու մէջ երկխօսութեան եւ ներումի հաստատումին, գաղթականներու իրենց օճախը վերադրաձին եւ յատուկ կերպով Քեսապի քրիստոնեայ հայերուն տուն վերադարձի դիտաւորութեան'' յայտարարած է միշտ գերպայածառ Ծուփփի եւ աւելցուցած` ''աղօթքի երեկոյեան ընթացքին պիտի աղօթենք նաեւ Սուրիոյ մէջ բոլոր առեւանգուած անհատներու ազատ արձակումին համար, որոնց շարքին Պուլոս Եազիժի եւ Կրէկորիոս Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները, Յիսուսեան Հայր Փաոլօ Տալլոլիոն եւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թեմական վարդապետ` Հայր Միքայել Քայյալ որ – նշեց գերապայծառ Ծուփփի – իր ուսմունքը կատարած էր Հռոմի մէջ եւ համագործակցած էր Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան հետ աղաքատներուն ծառայելով եւ Սուրիայ վերադարձին իր առաքելութիւնը նուիրած էր չքաւորներու ծառայութեան ի սպաս''։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լեւոնեան Քահանայապետական հայ վարժարանը, Հունգարական- Գերմանական Քահանայապետական վարժարանը, Սուրբ Կոյս Մարիամի Մարոնիթ վարժարանը, Սուրբ Եսայի Մարոնիթ Անտոնեան վարժարանը, Մելքիդ հասարակութիւնը, Ասորի հասարակութիւնը եւ Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչի ժողովրդապետութեան երգչախումբը։







All the contents on this site are copyrighted ©.